2013-10-11 12:08:03

Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի գիտաժողովը` ''մարդաբանական նոր հորիզոններ եւ ընտանիքի իրաւունքը'' նիւթին մասին։


Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդը, հռոմի մէջ, յառաջիկայ 24 հոկտեմբերին, ''Մարդկային օրէնքի հորիզոնը'' խորագրով գիտաժողով մը կազմակերպած է։
Ժամանակակից աշխարհի տագնապը գլխաւորաբար ''մարդաբանական'' տագնապ է։ Եւ մարդաբանական հարցը էութիւնն է ամէն մշակոյթի եւ հիմը ընկերային կեանքի ու դրական իրաւունքի'' կ՛ըսէր Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը եւ կրկնած են ըլլայ Պենետիկտոս ԺԶ-ը եւ ներկայ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։
Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդը գիտակից այս հարցի լրջութեան ուզեց , Ընտանիքի իրաւունքի դաշնագիրի 30-րդ տարեդարձին առթիւ, գիտաժողով մը կազմակերպել ունենալով որպէս բնաբան. ''մարդաբանական նոր հորիզոններ եւ ընտանիքի իրաւունքը''։ Գիտաժողովը կը գլխաւորէ գերապայծառ Վինչենցօ Բալիան` նախագահը Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդին։ Աշխատանքներուն կը մասնակցին Մանիլայի առաջնորդը կարտինալ Թակլէ եւ Նիճերիոյ Ապուժա թեմի առաջնորդը կարտինալ Ոնայէքեան մինչ Գերապայծառ Լաֆիթը` վերոյշեալ Խորհուրդին քարտուղարը պիտի զեկուցէ. 'ընտանիքի իրաւունքի դաշնագրի աստուածաբանական հիմքը' նիւթին մասին։
Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ հանրածանօթ մասնագէտներ։
Այս գիտաժողովը բարեպատեհ առիթ մըն է երկխօսութեան ու աճումի ոչ միայն եկեղեցական այլ եւ ընկերային ու քաղաքացիական գետնի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.